Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` հանդիպում Սպանիայի նորանշանակ Թագաւորին
հետ։
Երկուշաբթի, 30 յունիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շարք մը հանդիպումներ
ունեցաւ Եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ։ Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակին
մէջ յաջորդաբար ընդունեց` Կարտինալ Կէրարտ Լուտուիկ Միւլլէրը` Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ,
գերապայծառ Ժան Փոլ Կոպելը` Եգիպտոսի հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ, գերապայծառ
Մարէք Զալեվսքին` Զիմպապուէի մօտ առաքելական նուիրակ ու անոր ընտանեկան պարագաները, գերապայծառ
Հուպերթուս Մաթէուս Մարիա Վան Մէկէն` Սուտանի եւ Էրիթերիայի մօտ առաքելական նուիրակ,
գերապայծառ Տանիէլ Ֆերնանտօ Սդուրլա Պէրուէթ` Մոնթեվիտէոյի Արքեպիսկոպոս։ Սրբազան
Հայրը ապա հրաժեշտի այցլութեան առթիւ ընդունեց ` Պելկիոյ դեսպան Տիար Շարլ Կիզլէյնը,
Փանամի դեսպան` Տիկ Տէլիա Քարտէնաս Քրիսթի եւ Քոսթա Ռիքայի դեսպան Տիար Ֆերնանտօ Ֆելիփը
Սանչէս Քամբոսը, հուսկ ժամը 11.20ին, ընդունեց Առաքելական Ատեանի կառավարիչը` Կարտինալ
Ռայմունտ Լէօ Պուրքը որմէ ետք` ունկնդրութիւն շնորհեց Սպանիյաի նորանշանակ Թագաւոր` Ֆելիփէ
Զ-ին, Լեթիցիա Թագուհիին եւ անոնց ընկեարոցող թագաւորական շքախումբին։ Այս առթիւ`
Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ թէ ''Ֆրանչիսկոս
Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, թագաւորական ընտանիքը հանիպեցաւ նաեւ Վատիկանի
Պետքարտուղար` Կարտինալ Փարոլինին եւ արտգործ նախարարութեան ենթաքարտուղար` գերապայծառ
Անթուան Քամիլլերիին հետ''։ Հանդիպումները անցան մտերիմ եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ,
որոնց ընթացքին ուրախութիւն յայտնուեցաւ Թագաւորին` գահակալութենէն ի վեր, երկրէն դուրս
կատարած առաջին այս այցելութեան համար ու յոյս յայտնուեցաւ որ Սուրբ Աթոռի եւ Սպանիայի
միջեւ գոյատեւող յարաբերութիւնները ամրապնդուին։ Այս առընչութեամբ խօսակցութեան նիւթ
եղան Եկեղեցի – Պետութիւն երկխօսութեան ու համագործակցութեան կարեւորութիւնը ինչպէս
նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային ու շրջանային հարցերու շուրջ։